Ժամերգութիւն Զախոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Posted on
26 Յուլիս 2021-ին, Իրաքի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան, Իրաքի հիւսիսային շրջան կատարած հովուական այցելութեան ժամանակ հանդիպում ունեցաւ Զախոյի հայ համայնքին հետ: Սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ ժամերգութիւն կատարուեցաւ, որուն ընթացքին Զախոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան դպրութեան, կիսասարկաւագական եւ սարկաւագութեան աստիճաններու տուչութեան կարգեր, մասնակցութեամբ՝ Թաղական խորհուրդի վարչութեան անդամներուն, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Գէորգ Գատոյեանի եւ համայնքի հաւատացեալներուն։