29 Յուլիս 2021-ին, Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան Իրաքի հիւսիսային շրջան Հովուական այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Իրաքի Հիւսիսային ինքնավար շրջանի վարչապետ՝ Պրն․ Նաճիրուան Պարազանիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քրիստոնեաներու եւ ի մասնաւորի հայերու վիճակը այդ շրջանին մէջ, շեշտելով անոնց ապագայ մասնակցութիւնը եւ ներգրաւածութիւնը քաղաքական-պետական կառավարման գործընթացին մէջ։ Նաեւ քննարկուեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը, յառաջիկայ ընտրութիւնները ինչպէս նաեւ եկեղեցաշինութեան խնդիրները։ Հանիդպման աւարտին կողմերը շեշտեցին համատեղ խաղաղ կեցութեան կարեւորութիւնը եւ մշակութային կեանքի զարգացումը։

About The Author

By iamc