Հանդիպում՝ Հայոց Դպրոցի Աշակերտներու Ծնողներուն Հետ
Posted on
19 Օգոստոս 2021-ին, Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Հայոց դպրոցի աշակերտներու ծնողներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան աշակերտութիւնը յուզող հարցերը եւ խնդիրները։ Աւարտին Սրբազան Հայրը բոլորին մաղթեց բարեյաջող ուսումնական տարի։ Հանդիպման ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան։