16 Ապրիլ 2026-ին, Իրաքի Քրիստոնեայ համայնքներու Առաջնորդներու խորհուրդի հրաւէրով, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ «Զուարդնոց» Դպրաց Դասի անդամները մասնակցեցան Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած «Ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան համար» խորագրով միասնական աղօթքին։ Արարաղութեան ներկայ էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, Իրաքի Քրիստոնէութեան Աւանդապահութեան նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Սուլտուզեանը, ՀՀ Դեսպան Պրն․ Ռուբէն Սողոյեանը, որոշ Եկեղեցիներու Առաջնորդները, քահանայ հայրերը եւ կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք։














