ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն՝ Հանգուցեալ Պրն․ Արա Եսայեանի Քարասունքի Առթիւ

17 Սեպտեմբեր 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։  Յաւարտ Ս. Պատարագի  հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ատենապետ Պրն․ Արա Եսայեանի մահուան քառասունքի առթիւ: Օրուան  ցաւակցութիւնները ընդունուեցան ՀՄԸ Միութեան դահլիճին մէջ, որուն մասնակցեցան   ՀՀ դեսպանատան Գցորդ Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Պրն․ Վարդան Վարդանեան, միութիւններու եւ ակումբներու վարչութեան անդամները եւ թեմիս զաւակները։ Թող Աստուած իր մեծ ողորմութեամբ պարուրէ հանգուցեալի հոգին եւ արժանացնէ յաւիտենական արքայութեան։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author