Skip to content
11 Հոկտեմբեր 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ Քաղդեական պատրիարքի օգնական Բասիլիոս Արք․ Եալտայի, Կաթոլիկ մարզական երիտասարդական յանձնախումբը Մար Կորկիս եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպեց՝ համաեկեղեցական ֆութպոլի խումբերու մրցոյթի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան 12 տարբեր քրիստոնէական եկեղեցիներու ֆութպոլի խումբերը։ Բացման արարողութեան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ մասնակցեցաւ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ֆութպոլի խումբը։ Ներկայ էին՝ Քահանայ հայրեր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան։ Բացման արարողութեան ներկայացան մասնակցող խումբերը եւ կատարուեցաւ մեկնարկի աղօթք։
Like this:
Like Loading...