Սուրբ Պատարագ Եւ Յուշ-Երեկոյ Նուիրուած Արցախեան Պատերազմին Զոհուած Զինուորներուն
Posted on
10 Նոյեմբեր 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ ի յիշատակ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն։ Ապա՝ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբը Ազգային վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ կազմակերպեց սոյն առիթով Գրական ձեռնարկ մը։ Ձեռնարկը մեկնարկեց Իրաքի եւ Հայաստանի հիմներով, որուն յաջորդեց բացման խօսք, պատմական ակնարկ եւ գեղարուեստական համարներ։ Փակման խօսքով հանդէս եկաւ հայագէտ Պրն․ Ճուատ Ալ-Պեյտանին։ Ներկայ էին՝ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան, ՀՀ Դեսպանատան Հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային կեդրոնական փոխ ատենապետը եւ անդամներ, Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, միութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, հայագէտներ, հասարակական գործիչներ, հիւրեր եւ համայնքի զաւակներ։