23 Նոյեմբեր 2021-ին, Զախոյի մէջ կառուցուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի այցելեց Էրպիլի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Պր․ Արշակ Մանուկեան։ Զախոյի մէջ հիւրը ընդունեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները։ Այցելութեան ընթացքին Պրն․ Մանուկեան իր հիացմունքը յայտնեց այս եկեղեցւոյ գեղեցիկ ճարտարապետութեան համար։



