Շաբաթ, 31 Յունուար 2026-ին, հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, ապա’ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ։
Մասնակցութեամբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ար. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանը եւ Արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը։ Արարողութեան վերջաւորութենէն ետք, երիտասարդները հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Սրբազանի հետ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, այնուհետեւ Եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբը կազմակերպեց ժամանցային հաւագոյթ։ Ներկայ եղան Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետը եւ անդամները։




























































