6 Դեկտեմբեր 2021-ին, Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան, առաջնորդարանի սրահին մէջ հիւրընկալեց Արեւելեան-Ասորի եկեղեցւոյ Առաջնորդ Տ․ Եղիա Եպս․ Իսահակը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւնները եւ անոնց խորացման ուղիները։






