1 Յունուար 2022-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն յաջորդեց նռօրհնէքի արարողութիւնը ձեռամբ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի։ Աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութեան խաչքաւոր ընտրելու վիճակահանութիւն, որուն արդիւնքով ընտրուեցաւ Յարութ սարկաւագ Պետրոսեանը։







