ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ֆութպոլի Մրցոյթի Փակման Արարողութիւնը ԻՀԲԸ Միութեան Մէջ

11 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ռում Ուղղափառ եկեղեցին կազմակերպեց՝ համաեկեղեցական ֆութպոլի մրցոյթ:  22 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ  եզրափակիչ խաղը  ԻՀԲԸ Միութեան մէջ մասնակցութեամբ՝ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ քրիստոնեայ համայնքէն՝ Սբ․ Յովսէփ եկեղեցւոյ խումբերը։ Խաղն աւարտուեցաւ 5-3 հաշուով յօգուտ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խումբին, որ ճանաչուեցաւ մրցաշարի յաղթող։ Մրցաշարքի աւարտին  նուէրներ բաշխուեցան յաղթող խումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ լաւագոյն խաղցող Արման Շանթին, առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկու՝ Մասիս Վիգէնին, մարզիչ Րաֆֆի Ամրիին, իսկ անթերի խաղցող խումբ ճանաչուեցաւ Սբ․Կարապետ եկեղեցւոյ խումբը։ Ձեռնարկին    ներկայ էին ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան եւ Ազգային  կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author