Զախոյի Թաղական Խորհուրդը Ընդունեց Բարձրաստիճան Հիւրեր Ամանորի Եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Տօներուն Առիթով
6 Յունուար 2022-ին, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ընդունեցին Քիւրտիստանի խորհրդարանի անդամ եւ Տըհոքի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները:







