15 Յունուար 2022-ին, Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը, այցելեցին  Զախոյի մէջ կառուցուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի եւ ծանօթացան շինարարական աշխատանքներուն։ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը շնորհեց Զախոյի Թաղական խորհուրդի անդամներուն, բոլոր Ճարտարապետներուն եւ շինարարներուն, մաղթելով անոնց արդիւնաւէտ աշխատանք։

About The Author

By iamc