25 Յունուար 2022-ին, Էրպիլի մէջ Ասորի համայնքի Սբ․ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր ձեռնարկ, ուր ի թիւս այլոց Էրպիլի Սբ․Խաչ եկեղեցւոյ Սակաւագաց եւ Դպրաց Դասերը իրենց ուրոյն մասնակցութիւնը ունեցան գերազանցօրէն ներկայացնելով Հայ հոգեւոր երաժտութիւնը։ Ներկայ էր Սբ․ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Արթուն քհնյ. Խալաթեան, տարբեր եկեղեցիներու առաջնորդները եւ ներկայացուցիչները։




