1 Փետրուար 2022-ին, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցի այցելեցին Քիւրտիստանի շրջանի խորհրդարանի անդամներէն եւ վարչապետական խորհուրդին պատկանող յանձնախումբի անդամները, որոնց կ՛ուղեկցէր Քրիստոնէական հարցերու տնօրինութեան ներկայացուցիչը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր, նաեւ նոր սրահի եւ դպրոցի կառուցման հետ կապուած խնդիրները։

