6 Փետրուար 2022-ին, Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Բարեկենդան Առաջաւորաց Պահքի առթիւ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագէն ետք Ազգային Կեդրոնական վարչութեան առընթեր Եկեղեցապան Մարմնի հրաւէրով թէյասեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան Զուարթնոց դպրաց դասի անդամները ի գնահատանս անոնց ջանքերուն։ Ներկայ էին Իրաքահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւաք Արք․ Ասատուրեանը եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ Պրն․ Գէորգ Գատոյեանը եւ Պրն․ Էդմոն Տէր-Մովսէսեան։








