Month: Մարտի 2022

Զախոյի Մէջ Նշուեցաւ Միջինքը

23 Մարտ 2022-ին, Զախոյի Սբ․ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի առթիւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններ։ Աւարտին բաշխուեցան միջինքի կարկանդակներ։ Ինչպէս նաեւ Մայրութեան տօնին առիթով նուէրներ յանձնուեցան։ Օրուան, ներկայ

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարան Այցելեց «Իրաքցիներ» Գիրքի Հեղինակ Պրն․ Ալի Ալ-Քապին

28 Մարտ 2022-ին, Իրաքահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանը հիւրընկալեց «Իրաքցիներ» գիրքի հեղինակ՝ Պրն․ Ալի Ալ-Քապին։ Գիրքին մէջ ի շարս այլոց, ներկայացուած է Սրբազան Հօր կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը։

Մանկական Համերգ ՊՀԵԵ Միութեան Մէջ

25 Մարտ 2022-ին, ՊՀԵԵ Միութեան Տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանկական դիմակաւոր համերգ Միջինքի առթիւ։ Համերգին ընթացքին կատարուեցան մրցումներ եւ նուէրնեու բաշխում։ Ներկայ էին՝ ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական

Միջինքը Նշուեցաւ Տըհոքի Մէջ

23 Մարտ, 2022-ին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջինքի առթիւ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւններ։ Արարողութեան մասնակցեցան եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, նաեւ համայնքի զաւակները։ Ժամերգութենէն ետք

Աւստրալիայի Դեսպանի Այցը Առաջնորդարան

24 Մարտ 2022-ին, Իրաքահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանը հիւրընկալեց Իրաքի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան՝ Տիկ․ Փաուլա էլիզապեթ Կանլին։ Հանդիպման ընթացքին Դեսպանին ներկայացուեցան Հայ համայնքի մեծ դերը Իրաքի մէջ,

Ընտանեկան Հաւաքոյթ ԻՀԲԸ Միութեան Մէջ

21 Մարտ 2022-ին, ԻՀԲԸ Միութեան Ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ընտանեկան հաւաքոյթ մը, գարնանամուտի եւ Նաուրուզի տօներուն առթիւ, որ տեղի ունեցաւ միութեան պարտէզին մէջ։ Զուգահեռ տեղի ունեցան ցուցահանդէս-վաճառք եւ ճաշկերոյթ Տիկնանց յանձնախումբին

Սումգայիթի Ցեղասպանութեան Յիշատակումը Հայոց Առաջնորդարանին Մէջ

Մարտ 11, 2022ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի Սուրբ եւ անմահ Պտարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ մատութուեցաւ Սումգայիթի ցեղասպանութեան զօհերու յիշատակին, աւարտին ծաղկեպսակներ դրուեցան եկեղեցիին կից խաչքարին։

Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հանգուցեալ Տ. Տիրան Քհնյ. Սարգիսեանի  Հոգւոյն Համար

4 Մարտ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ննջեցեալ Տ․ Տիրան քհնյ․

Բանակում Պաղտատի ՀՄԸՄ-ին Մէջ

4 Մարտ 2022-ին, հովանաւորութեամբ՝ Պաղտատի ՀՄԸ Միութեան վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ մէկօրեայ բանակում Հայ Սկաուտի Օրուան առիթով։ Ընթացքին սկաուտական աստիճաններու բարձրացում կատարուեցաւ, որուն ճոխ յայտագիր մը յաջորդեց։