4 Մարտ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ննջեցեալ Տ․ Տիրան քհնյ․ Սարգիսեանի մահուան 3-7-ի կապակցութեամբ։ Ցաւակցութիւնները ընդունուեցան Առաջնորդանին կից սրահին մէջ։ Այս արարողութիւններուն ներկայ էին ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետն ու անդամները եւ հաւատացեալ ժողովորդ։

About The Author

By iamc