ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Սումգայիթի Ցեղասպանութեան Յիշատակումը Հայոց Առաջնորդարանին Մէջ

Մարտ 11, 2022ին, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի Սուրբ եւ անմահ Պտարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ մատութուեցաւ Սումգայիթի ցեղասպանութեան զօհերու յիշատակին, աւարտին ծաղկեպսակներ դրուեցան եկեղեցիին կից խաչքարին։ Այնուհետեւ կեդրոնական վարչութեանը համագործակցելով ՀՀ դեսպանութեան եւ  Հայ դատի գրասենեակին հետ, Հայոց վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 1988-ի Սումգայիթի հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը։  Ձեռնարկը մեկնարկեց Իրաքի եւ Հայաստանի հիմներով, որուն յաջորդեց բացման խօսք, պատմական ակնարկներ, տեսանիւթեր եւ ելոյթներ։ Աւարտին Զուարդնոց դպրաց դասի անդամները հնջեցին Իրաքի եւ Հայաստանի հիմները։ Ներկայ էին Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան, ՀՀ Դեսպանատան  Հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Գաղթականներու Հարցերու  նախարար Տիկ․ Իվան Ֆայիք Ճապրօ, Քրիստոնեական աւանդապահութեան նախագահի ներկայացուցիչ Պրն․ Ռաատ Ճապար, Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետը Պրն․ Վարդան Վարդանեան եւ անդամները, հայագէտ Պրն․ Ճուատ Ալ-Պեյտանին, Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, միութիւններու ներկայացուցիչներ,  հասարակական գործիչներ, հիւրեր եւ համայնքի զաւակներ։

Print Friendly, PDF & Email

%d