14 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը, որմէ ետք Աւագ շաբթուան ամենայուզիչ արարողութիւնը՝ Խաւարման կարգը, ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն։ Սոյն արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան եւ հիւպատոս Պրն․ Անդրանիկ Յարութիւնեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Գէորգ Գատոյեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։





