14 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կատարուեցաւ  Ոտնլուայի կարգը, որմէ  ետք Աւագ շաբթուան ամենայուզիչ արարողութիւնը՝ Խաւարման կարգը,  ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն։  Սոյն արարողութիւններուն մասնակցեցան՝  ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան եւ հիւպատոս Պրն․ Անդրանիկ Յարութիւնեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Գէորգ Գատոյեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։

About The Author

By iamc