15 Ապրիլ 2022-ին, Աւագ Ուրբաթ օրը, հանդիսապետութեամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման կարգը: Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը քարոզեց բացատրելով օրուան խորհուրդը։






