26 Ապրիլ 2022-ին, Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութեան վարչութիւնը այցելեց Հայոց Ազգային նախակրթարան, երկսեռ վարժարան եւ մանկապարտէզ։ Հանդիպում ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Պրն. Ալպէր Չոլաքեանի եւ ուսուցչական կազմին հետ եւ մանկապարտէզին տնօրինութեան հետ, ապա շրջելով դասարանները նուէրներ բաշխեց աշակերտութեան, որոնք հանդէս եկան երգերով եւ արտասանութիւններով  ու իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին այս նախաձեռնութեան համար։

About The Author

By iamc