24 Ապրիլ 2022-ին, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ասորական եկեղեցւոյ եւ Ասիրիական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։ Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական Աղօթքով, ապա հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պրն․ Երուանդ Էմինեան: Շնորհալի դպրաց եւ սարկաւագաց դասերը, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգերով եւ արտասանութիւններով: Տեղի ունեցաւ ֆիլմի ցուցադրութիւն Պրն․ Արտաւազդ սարկաւագ Գասպարեանի կողմէ: Աւարտին պարգեւատրուեցան նախկին թաղական խորհուրդի անդամները, հիւր հոգեւորականները իրենց մասնակցութեան համար։ Ծրագիրը ներկայացուց Օրդ. Սեւան Պաղտասարեան։














