10 Մայիս 2022-ին, Լիբանանի մէջ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան նախկին նախարար Տիկ․ Արփինէ Օհանեան այցելեց Իրաքի Հայոց Առաջնորդարան։ Հիւրը դիմաւորեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն․Մելքոն Մելքոնեան: Այնուհետեւ Տիկ․Օհանեան այցելեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որմէ ետք ներկայ գտնուեցաւ առաջնորդարանի սրահին մէջ Սրբազան Հօր կազմակերպած յատուկ ընդունելութեան, ուր ծանoթացաւ առաջնորդարանի աշխատակիցներուն եւ բաժիններուն: Տիկ․Օհանեան այցելութեան աւարտին մասնակցեցաւ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի կազմակերպած ճաշկերոյթին։














