9 Յունիս 2022-ին, Պաղտատի ՀՄԸ Միութեան վարչութիւնը ընտանեկան պարահանդէս կազմակերպեց նուիրուած ՀՀ անկախութեան 104-ամեակին, որ տեղի ունեցաւ ՊՀԵԵ Միութեան սրահին մէջ։ Պարահանդէսին՝ երգիչ Սուրէն Աճեմեան հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկաները։ Օրուան ներկայ էին՝ ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն։








