18 Յունիս 2022-ին, Իրաքի նորընտիր Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական վրդ․ Կիւլկիւլեանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ժամանեց Պաղտատ ընկերակցութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն․ Մելքոն Մելքոնեանի եւ Պասրայի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պր․ Խաժակ Վարդանեանի։ Անոնց դիմաւորեցին կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ Քրիստոնեական աւանդապահութեան մէջ գլխաւոր տնօրէն Պրն․Նովաք Պետրոսեան։ Այնուհետեւ բոլորը՝ նախկին առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի գլխաւորութեամբ, մասնակցեցան միասնական առաջին ընթրիքին։ Նորընտիր Առաջնորդը հասնելով առաջնորդարան աղօթք կատարեց առաջնորրդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։





