19 Յունիս 2022-ին, Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութիւնը, երեկոյեան այցելութիւն մը կազմակերպեց Ալ-Մութանապի պողոտայ, ապա նաւով պտոյտ մը կատարեցին Տիգրիս գէտին մէջ: Ալ-Մութանապի պողոտան կը համարուի Պաղտատի հին եւ տեսարժան վայրերէն մին, նշանաւոր է իր հնագոյն ճարտարապետական շէնքերով նաեւ՝ իր շուկայով, հոն կը գտնուի Պաղտատի Մշակութային կեդրոնը, ուր տեղի կ՛ունենան տարբեր ձեռնարկներ:





