Նորընտիր Առաջնորդը Հանդիպում Ունեցաւ Հայկական Միութիւններու Եւ Կրթութեան Հաստատութիւններու Ղեկավարներուն Հետ
23 Յունիս 2022-ին, Մելինէ Իսքէնտէրեանի անուան Ազգային ծերանոցի սրահին մէջ Իրաքի Հայոց նորընտիր Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւլկիւլեան հանդիպում մը ունեցաւ միութեանց եւ կրթութեան հաստատութիւններու վարչութեան կազմերուն հետ։ Քննարկուեցան առկայ խնդիրները եւ գործունէութեան զարգացման ուղիները։ Հանդիպման ներկայ էին՝ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները։










