ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Իրաքի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդի Անդրանիկ Պատարագը

24 Յունիս 2022-ին, Իրաքի Հայոց Թեմի նորընտիր Բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական վրդ․ Կիւլկիւլեան մատուցանեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սբ․ Պատարագին թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան հովուական ասան յանձնեց նորընտիր առաջնորդին, մաղթելով յաջողութիւն՝ իր եկեղեցական ծառայութեան մէջ։ Ապա, Սբ․ էջմիածնի տօնին առթիւ,Հայր Սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց,   մասնաւորապէս շեշտը դնելով Միածնաէջ խորանի Քրիստոսահիմն ուժի նշանակութեան վրայ, որ կը միաւորէ Հայաստանեայց բոլոր հոգեւոր հայ օճախները։   Այնուհետեւ Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Հայր Սուրբը ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորանքները։ Արարողութեան ներկայ էին՝ տարբեր եկեղեցիներու պետեր եւ հոգեւորականներ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, դիւանագիտական առաքելութիւններ, Քրիստոնէական աւանդապահութեան գլխաւոր տնօրէնը, Իրաքի շրջաններու հայ համայնքներու Թաղական խորհուրդները, միութենական, մարզական եւ կրթական հաստատութիւններու ղեկավար մարմինները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author