14 Օգոստոս 2022-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Տըհոքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան: Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։





