17 Օգոստոս 2022-ին, օրհնութեամբ՝ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի եւ գլխաւորութեամբ՝ Իրաքի մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Հայր Մինա Ալ-Օրշալիմի, Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Այս հոգեպարար արարողութիւնը կ՛ամրապնդէ Առաքելական եկեղեցիներու միջեւ դարաւոր կապը։ Պատարագին ներկայ էին հաւատացելոց բազմութիւն։

