17 Սեպտեմբեր 2022-ին, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձարկումներուն հետեւանքով նահատակուած զինուորներուն եւ հայորդիներու հոգիներուն խաղաղաութեան համար: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Պարգեւ դպրաց դասը, իսկ Ս. խորանի սպասարկութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը։ Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի Ատենապետն ու անդամները եւ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդ։




