ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՀԱՒՐԵԶՔ

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԻՐԱՔԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆ

2022ի Սեպտեմբեր 22էն սկսեալ եւ տասը օրերու տեւողութեամբ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իրաքի Հոիւսիսային եւ  Քիւրտիստանի շրջաններու  հայաբնակ վայրերը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու Անդամներէն ոմանք:

Այցելութեան ընթացքին Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, հերթաբար պատարագեց Էրպիլի «Ս. Խաչ», Քէրքուկի «Ս. Աստուածածին» եւ Տհօքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» եկեղեցիներուն մէջ:

Ժամերգութիւններ կատարեց Զախոյի «Ս. Աստուածածին», Աւզրուկի «Ս. Վարդան» եւ Հաւրէզքի «Ս. Սարգիս» եկեղեցիներուն մէջ:

Հիւսիսային շրջան իր կեցութեան շրջանին Առաջնորդ Հայր Սուրբը այցելեց Իրաքի եւ Քիւրտիստանի Պետական պատասխանատուներէն ոմանց, Քոյր եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու, հանդիպումներ ունեցաւ Թաղական Խորհուրդներու Ատենապետներուն եւ Անդամներուն ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ:

Յիշատակութեան արժանի է որ յիշեալ պատասխանատուներէն եւ հոգեւորականներէն ոմանք փոխադարձարբար  այցելեցին Հայր Սուրբին:

Print Friendly, PDF & Email

About The Author