Այսօր՝ Հոկտենբերի 12ին Թեմս հիւրաբար այցելեց Իրաքի մէջ Լատին Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Ճան Սիւլէյման Արքեպիսկոպոսը: Մեծարգոյ Հիւրին դիմաւորեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը: Յետ ծանօթութեան, երկու առաջնորդները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին եւ  քննարկեցին  Քրիստոնէութեան հետ առնչուող զանազան խնդիրներ եւ մանաւանդ Իրաքի Քրիստոնեաներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպման աւարտին, հիւր Սրբազանը խորազգաց տպաւորութիւններով առլցուն, հրաժեշտ տուաւ, նոյն ատեն փափաք յայտնելով Հայր Սուրբին այցելելու Լատինաց եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը: 

About The Author

By iamc