Հոկտեմբեր 11ի առաւօտուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը այցելեց Իրաքի մօտ Պապական Դեսպան՝ Գեր. Տ. Միթիա Լէսքովար Արքեպիսկոպոսին:

Այցելութեան, որը տեղի ունեցաւ Պապական Դեսպանութեան նստավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, ուր  քննարկուցան երկու եկեղեցիներու փոխ յարաբերութիւններու, ընդհանուր Քրիստոնէութեան վիճակի եւ Իրաք տուած Պապի պատմական այցելութեան մասին:

Հանդիպման աւարտին Պապական Դեսպանը  Առաջնորդ Հայր Սուրբին նուիրեց Պապի այցելութեան կապակցութեամբ հրատարկուած Թանկարժէք գիրքը:

About The Author

By iamc