ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Այցելութիւն Ազգային Վարժարան

Հոկտեմբերի 15ին, 2022- 2023 ուսումնական տարեշրջանի Վերամուտին օրը, Ազգային նախակրթարան այցելեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը: Անոր դիմաւորեցին վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու Ուսուցչական կազմը:

Առաջնորդ Հայր Սուրբը աշակերտութեան մակարդակի նաեւ Դպրոցի շէնքի մաքրութեան հետ առնչուող հարցերով հետաքրքրուելէ եւ ցուցմունքներ տալէ ետք՝ դասարանները այցելեց եւ իրաքանչիւր աշակերտին յանձնեց դպրոցական պայուսակ մը գրենական պիտոյքներով, որպէս նուէր Առաջնորդարնի կողմէ:

Յիշատակութեան արժանի է, որ ընդառաջելով Հայր Սուրբի երկու ամիսներ առաջ ըրած թելադրանքին՝ անցեալ Սեպտեմբերին շէնքէն կարեւոր մաս մը նորոգութեան ենլթարկուեցան ու դասարանները ներկուեցան:

Print Friendly, PDF & Email

About The Author