Առաջնորդարանիս առընթեր գործող Հայոց Ազգային Նախակրթարանը Նոյեմբերի 23ին վարժարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ նշեց “Աշակերտին տօնը”։
Համեստ յայտագրով մը ելոյթ ունեցան մեր սիրասուն փոքրիկները։
Վարժարանի տնօրէն դոկտոր Սապահ Իլիյան ներկաներուն ողջունելէ ետք շնորհաւորեց աշակերտութիւնը իրենց տօնին առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին ձեռնարկի կազմակերպման համար։ Ան` դպրոցի տնօրէնութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր և Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, որոնք ոևէ ջանք չեն խնայած դպրոցի մակարդակը բարելաւելու աշխատանքին մէջ։





