Ուրբաթ՝ 21 Հոկտեմբեր 2022ին, յընթացս Սուրբ պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, նիւթ ունենալով Ղուկասի Աւետարանէն Անդամալոյծի Բժշկութիւնը: Քարոզէն ետք Առաջնորդ Հայր Սուրբը Առաջնորդարանի անունով պարգեւատրեց երկու յառաջադէմ աշակերտներ յանձինս՝ Գարուն Պէյլէրեանին, որը քաջալաւ մակարդակով եւ իր ճիւղին առաջինը հանդիսանալով աւարտած է Գեղարուեստական համալսարանը նաեւ Աբել Ալեքսանտրեանին, որն վեցերորդ երկրորդական պագալօրիաթի քննութիւններուն բացառութեամբ արձանագրած է 100-էն (101.4) միջին: Այս ուրախալի առիթով Հայր սուրբը շնորհաւորեց եւ օրհնեց զիրենք մաղթելով նորանոր նուաճումներ: Պատարագէն ետք Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուարթնոց դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ լսեց անոնց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները եւ  խրախուսեց զանոնք  իրենց կարելին  բերելու  մեր մայրենի եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:

About The Author

By iamc