Ի շարունակութիւն Առաջնորդարանիս տեղեկատուական Կայքի 21 Հոկտեմբեր2022ի թողարկումին, Թեմիս յառաջադէմ աշակերտները պարգեւատրելու եւ զանոնք քաջալերելու կապակցութեամբ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Թեմի զաւակներէն Մարիամ Նիգոլ Գաբրիէլեանը, որն այս տարի աւարտելով «Տնտէսութիւն եւ Վարչութիւն» համալսարանը՝ հանդիսացած էր Հաշուապահութեան բաժնի առաջնութիւնը:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, Հայր Սուրբը օրհնեց յառաջադէմ աշակերտուհին եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց զայն:

