Հայ Առաքելական մեր Մայրենի եկեղեցւոյ գեղեցիկ ու հոգեպարար սովորութիւններէն մին եղած է Նոր Տարուայ նախօրեակին կամ առաջին օրը Սուրբ Պատարագ մատուցել և պատարագի ընթացքին նուռ օրհնելու արարողութիւն կատարել, (Նռօրհնէք), գոհաբանութեան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած և Անոր օրհնութիւնը խնդրել։
Այս կապակցութեամբ, Իրաքի Հիւսիսային շրջանի բոլոր հայաբնակ կեդրոններուն մէջ կատարուեցաւ սոյն արարղութիւնը։ Հետեւաբար 2023 թուականի սեմին, Տհօքի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինյան Պատարագ մատոյց եւ Նռօրհնէք կատարեց Տհօքի Սուրբ Ներսես Շնորհալի, Զախոյի Սուրբ Աստուածածին, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս, և Աւզրուկի Սուրբ Վարդան եկեղեցիներուն մէջ։ Իսկ Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Յունուար 1ի երեկոյեան, յիշեալ արարղութիւնը կատարեց արժ. Տ Արթուն քհնյ. Խալաթյանը։ Այս առիթներուն ներկայ եղան Թաղական Խորհուրդի ատենապետներն ու անդամները և հաւատացեալ ժողովուրդ։
Ստորեւ կադրեր այդ հոգեհաճ արարողութիւններէն:



