Փետրուար 16ի առաւօտուն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան պաշտօնական այց կատարեց Տհօքի Նահանգապետ՝ Դոկտ. Ալի Թէթէր-ին: Առաջնորդ Հայր Սուրբին կուղեկցէին՝ Տհօքի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեան, Կեդրոնական վարչութեան փոխ Ատենապետ՝ պարոն Վարդան Վարդանեան նաեւ նախկին երեսփոխան եւ ներկայ թաղականութեան ատենապետ՝ պարոն Երուանդ Էմինեան:
Յետ ծանօթութեան, երկու կողմերը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ քննարկեցին Հայ եւ Քիւրտ ժողովուրդներու միջեւ փոխ յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մէջ բնակող հայոց կարիքներն ու այլ հարցեր:

About The Author

By iamc