Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան անակնկալ այցելութեամբ, այսօր մեկնեցաւ Էրպիլ: Ան առիթը ունեցաւ հանդիպելու վերջերս կաթուածի ենթարկուած, գաղութիւս հանրածանօթ ազգայիններէն՝ պարոն Ռազմիկ Մուրատեանին: Հայր Սուրբը աղօթեց պարոն Մուրատեանի առողջութեանը համար հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը շուտափոյթ ապաքինում պարգեւելու անոր:
