تكريم اعضاء منظمة الصحة والبيئة في كنيسة القديسة مريم العذراء في الميدان
Ուրախ ենք յայտնելու, որ անցեալ Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներու ընթացքին, պետական կազմակերպութեան (منظمة الصحة والبيئة) մը օժանադակութեամբ՝ Մէյտանի Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ կատարուած էին որոշ նորոգութիւններ: Եղած էին ներքին եւ արտաքին ներքնապէս բարեփոխումներ, նստարանները՝ ներկուած, եկեղեցին հինգ օդափոխիչներով օժտուած եւայլն:
Այս առիթով, ամսոյս 5-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, բակին մէջ համեստ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ, ուրու ընթացքին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան շնորհակալագրեր բաշխեց օժանդակող կազմակերպութեան պատասխանատուներուն եւ անդամներուն:
Այս ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատար՝ պարոն Ալիք Ղարիպեան, ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեանի, Եկեղեցապան Մարմինի անդամներուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդի:









