Հետեւեալ թղթակցութիւնը ստացանք Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութեան կողմէ:

(Խմբագրութիւն)

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանին՝ Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութիւնը Կանանց Միջազգային Տօնի առիթով «Քոքթէյլ- Երեկոյ» մը  կազմակերպեց, որը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 12 Մարտին, Պ.Հ.Ե.Ե. միութեան մէջ: Միջոցառման ներկայ էին Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանը, ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Պրն. Ալիք Ղարիպեանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կազմը, Պաղտատի մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ, Տիկնանց միութեան անդամուհիներ և հիւրեր:

Օրուայ առիթով Տիկնանց Միութեան ներկայացուցիչ Տիկին Նուշիկ Մելքոնեանը շնորհաւորեց Կանանց Միջազգային օրը եւ յատկապէս Հայ Կնոջ, ցանկանալով բոլորին ամենայն բարին, ապա ի գնահատանք Միութեան հիմնադիր նախկին եւ ներկայ անձնուէր վարչականներուն, որոնք իրենց ազգային ու հայրենասիրական ոգիով մղուեցան աշխատանքի եւ եղան տիպար հայ կնոջ կերպարը ներկայացնող միութիւն:

Այս առիթով նաեւ ելոյթ ունեցաւ միութեան ատենադպիր տիկին Արփինէ Սահակեանը ներկայացնելով  Հայ կնոջ ունեցած դէրը պատմութեան ընթացքին:

Ապա իր օրհնութեան  խօսքը ուղղեց թեմիս առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը շնորհաւորելով այս գեղեցիկ տօնը:

Օրուայ առիթով ելոյթներ և շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանուեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Պրն. Պերճ Թուֆէնքճեանի և Երիտասարդաց միութեան վարչութեան անդամ Պրն. Յակոբ Սահակեանի կողմէ:

 Տիկնանց միութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը  կը յայտնէ Պրն. Րաֆֆի Էմրի Լուսեանին լուսանկարները տրամադրելու կապակցութեամբ:

About The Author

By iamc