Ապրիլի 12ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը առաջնորդարանի իր գրասենակին մէջ ընդունեց Իրաքի մօտ Պաղեստինի լիազօր Դեսպան՝ Տիար Ահմէտ Ագըլ-ը եւ դեսպանի փոխանորդ Տիար Մունիր Սուպհին, որոնք եկած էին ծանօթանալու եւ Զատկական Տօնը շնորհաւորելու միտումով:
Մտերմիկ հանդիպումին քննարկուեցաւ Պաղեստինի ներկայ վիճակը: Հայր Սուրբը Պաղեստինի ժողովուրդը նմանցուց Հայաստանի սահմանին բնակող մեր ժողովուրդին զանոնք որակելով ճակատագրակից ժողովուրդներ:
Հանդիպման ներկայ էր Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանը եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեանը:

About The Author

By iamc