Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնին, Կիրակի, 9 Ապրիլ 2023-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը։ 

Այս Սուրբ Տօնին առիթով, հոգեշնորհ Հայր Սուրբը իր պատգամը յղեց ու շնորհաւորեց հոծ թիւով ներկայ եղող հաւատացեալներուն, իսկ Թեմս հիւրաբար գտնուող Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Զատկական պատգամը:

Պատարագին ներկայ էին՝ նախկին Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Աւագ արք Ասատուրեանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան  ատենապետն ու անդամները ինչպէս նաեւ Իսլամ կրօնականներ եւ աշխարհականներ:

Պատարագի աւարտին բարեխնամ Առաջնորդը եւ  Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանը առաջնորդարանի շքեղ դահլիճին մէջ ընդունեցին այցելուներու եւ հաւատացեալներու շնորհաւորանքները:

About The Author

By iamc