Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, Ս. Զատիկը յաջորդող քանի մը օրերուն, Առաջնորդարանին եւ Ազգային Ծերանոցի գրասենեակներուն մէջ ընդունեց Քրիստոնեայ եւ Իսլամ կրօնականներու եւ պետական պատասխանատուներու շնորհաւորանքները, որոնցմէ յիշելու ենք Ակադեմիկոս, գիտաշխատող դոկտոր Սաատ Սէլլումը:
Նոյն առիթով Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը այցելեց Պաղտատի եւ Պասրայի Ասորի Ողղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Հաուա Արքեպիսկոպոսին, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատասխանատու եւ ներկայացուցիչ՝ Ապունա Իւնան-ին ինչպէս նաեւ Ղպտի եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն եւ այլն:
Յիշատակութեան արժանի է, որ բոլոր այս հանդիպումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ թեմս հիւաբար գտնուող Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանը:











