Հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Զատիկը յաջորդող ութերորդ օրը (Նոր Կիրակի) Ապրիլի 16ին, Սուրբ եւ ամնմահ պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հնամեայ եւ մուրատատու եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն ժամանած Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանը։

Այս հոգեպարար երեկոյին Ներկայ եղան Կեդրոնական վարչութեան եւ Եկեցապան յանձնախումբի անդամները ինչպէս նաեւ հայ եւ այլազգի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

About The Author

By iamc